9 August, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Մ.Ա.Կ.Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

«Կը սպասենք, որ Մ.Ա.Կ.ը Արցախի ապաշրջափակման գծով իր զօրակցութիւնը գործնապէս շարունակէ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Չորեքշաբթի, 9 Օգոստոս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ներկայացուցիչ դոկտ. Եոաննա Վրոնեցքան, ընկերակցութեամբ իր երկու գործակիցներուն։

 

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու գլխաւոր հարցեր.- ա) Արցախի շրջափակումը Ազրպէյճանի կողմէ եւ բ) Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը։

 

Առաջին հերթին, Նորին Ս. Օծութիւնը լայնօրէն անդրադարձաւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման եւ անոր ծանր հետեւանքներուն Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն, յատկապէս ընկերատնտեսական կեանքին առնչութեամբ եւ իր գնահատանքը յայտնելով Մ.Ա.Կ.ի ընդհանուր քարտուղարին զանազան առիթներով արտայայտած զօրակցութեան եւ շրջափակման վերջ տալու կոչին, Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց, որ մեր ազգի սպասումն է, որ Մ.Ա.Կ.ը շարունակէ իր զօրակցութիւնը՝ գործնական քայլերու դիմելով։ Հայրապետը միաժամանակ յիշեցուց, որ «մարդկային աղէտ ստեղծելով քաղաքական նպատակներ հետապնդելը անընդունելի է միջազգային օրէնքին համաձայն»։ Դոկտ. Եոաննա, որ ծանօթ է Արցախի շուրջ ստեղծուած կացութեան, Վեհափառ Հայրապետին պարզած մտահոգութիւնները խոստացաւ անմիջապէս փոխանցել Մ.Ա.Կ.ի ընդհանուր քարտուղարին։

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց վերջին ամիսներուն իր եւ Ռայի Պատրիարքին միջեւ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն եւ անոնց առնչուած այլ հանդիպումներու ընդհանուր պատկերը՝ շեշտելով կարելի փութով նախագահ ընտրելու հրամայականը։ Մ.Ա.Կ.ի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ այս հարցին գծով ինք շաբաթ մը առաջ Մ.Ա.Կ.ի ընդհանուր քարտուղարին եւ Մ.Ա.Կ.ի ապահովական խորհուրդին իր զեկոյցը ներկայացուցած է եւ բոլորը կարեւորութեամբ շեշտած են Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը շուտափոյթ կերպով իրականացնելու կարեւորութիւնը։ Ան նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց այս ուղղութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ հայ համայնքին կողմէ կատարուող աշխատանքներուն համար, յատկապէս անդրադառնալով այն կարեւոր դերին, որ Հայրապետը կրնայ ունենալ իր միջազգային յարաբերութիւններուն շնորհիւ։