ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՎԱՆՔԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՇԷՆՔԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ կառուցուած եպիսկոպոսաց շէնքին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 22 Յուլիս 2023-ի առաւօտուն, ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ազգային բարերար հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի այրիին՝ Անահիտին եւ զաւակներուն՝ Գարինին, Արամին եւ Անիթային։   Յայտնենք, որ շէնքին շինութիւնը աւարտած էր 2019 թուականին, սակայն համաճարակին եւ Գառնիկ Եագուպեանին մահուան…