ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Հ.Բ.Ը.Մ.Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Երկուշաբթի, 3 Յուլիս 2023-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) նախագահ Պերճ Սեդրակեանի այցելութիւնը։   Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ։

«ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԳ»՝ ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի եւ ընկերակցութեամբ դաշնամուրի վրայ՝ Համբիկ Մարտիրոսեանի եւ «Կիլիկիա» նուագախումբին, իր 50-ամեակին նուիրուած զանազան ձեռնարկներու շարքին, Կիրակի, 2 Յուլիս 2023-ի երեկոյեան, ազգային երգերու համերգով մը բեմ բարձրացաւ «Լիքաա» հանդիսասրահին մէջ։   Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով սկիզբ առաւ ձեռնարկը, որմէ ետք բացման…