Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնը նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին եւ Պիքֆայայի Վանքի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, Կիրակի, 13 Օգոստոս 2023-ին։ Մայրավանքին մէջ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան։
Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, այս տօնին կը կատարուի խաղողօրհնէքի արարողութիւն։ Ուստի, պատարագիչ սրբազան հայրը կատարեց խաղողի օրհնութեան կարգը, որմէ ետք փոխանցեց օրուան խորհուրդին պատգամը։
Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը ըսաւ, որ եկեղեցւոյ հայրերը Օգոստոս 15-ը նշանակած են Աստուածամօր վերափոխման տօնին նշումը՝ հիմնուելով պատմական աւանդութեան տուեալներու վրայ, իսկ խաղողօրհնէքի աւանդութիւնը կը պատկանի հայ եկեղեցւոյ. «ըստ դարաւոր աւանդութեան, երբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին խաղողի առաջին բերքը կ՚ընծայենք Աստուծոյ եւ կը դնենք Ս. Խորանին առաջ, ունինք այն հաստատ հաւատքն ու խոստովանութիւնը, թէ Աստուած է պարգեւողը աշխարհի բարիքները, եւ, ուստի, կը խնդրենք Իր օրհնութիւնը՝ Իր պարգեւներուն հետ»։
Անդրադառնալով Աստուածամօր անձին, Կոմիտաս սրբազան յայտնեց, որ Աստուածամայրը է եւ կը մնայ ճշմարիտ սրբութեան եւ անարատութեան տիպարը։ Քրիստոնէական մեր հաւատքին ու հաւատամքին ճամբով, Աստուածաշունչին եւ մեր Փրկչին՝ Քրիստոսի ուսուցումները մեզ կը հրաւիրեն սրբութեան կեանքի՝ հիմնուելով Աստուածամօր երկրաւոր կեանքի օրինակին վրայ։ Առ այդ, քարոզիչ սրբազանը նաեւ խօսեցաւ Աստուածամօր տիպարին օրինակը հայ ընտանիքին կեանքին մէջ։ Ան աւելցուց, որ Ս. Կոյսին սրբութեան կողքին, մեծ է անոր Աստուածապաշտութեան ու բարեպաշտութեան օրինակը. երբ Յիսուս երկրաւոր առաքելութեան սկիզբը տակաւին հրաշք չէր կատարած, Ս. Կոյս Մարիամն էր, որ զինք մղեց Կանայի հարսանիքին ջուրը գինիի փոխակերպելու, քաջ գիտնալով իր զաւակին Աստուածութիւնը։
Սրբազան հայրը իր քարոզը եզրափակեց խրախուսելով հաւատացեալները նեղութիւններուն դիմաց չտկարանալու, այլ վստահելու Աստուածամօր մայրական գուրգուրանքին ու ապաւինելու անոր բարեխօսութեան։ Վերջապէս, ան շնորհաւորեց եւ օրհնեց Մարիամ Աստուածամօր անունով զարդարուած մեր ժողովուրդի զաւակները։