Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՆԻԱԿԱՐԱ ՖՈԼԶ

Հինգշաբթի, 8 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը,  Գանատայի պետութեան կողմէ տրամադրուած ոստիկաններու առաջնորդութեամբ, Թորոնթոյէն ուղղուեցաւ դէպի Նիակարա Ֆոլզ՝ ընկերակցութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանին, Ազգային Վաչութեան համա-ատենապետ  Տիար Գրիգոր Մահսերեճեանին եւ Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանին:

 

Սահմանին վրայ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանին եւ շրջանի ազգայիներուն կողմէ:

 

Նորին Սրբութիւնը, այս անգամ Միացեալ Նահանգներու ոստիկաններու առաջնորդութեամբ, ուղղուեցաւ Նիակարա Ֆոլզի գերեզմանատուն, ուր տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան պաշտօն՝ տեղի հայ համայնքի ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար: Ապա, Հայրապետը այցելեց քաղաքին Ս. Յակոբ եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ համայնքի զաւակներուն կողմէ. հոն տեղի ունեցաւ Կանոնական աղօթք, որուն յաջորդեց ճաշ՝ համայնքի զաւակներուն հետ:

 

Հաւաքի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին հոգաբարձութեան ատենապետը, Նիակարա Ֆոլզի քաղաքապետը եւ Առաջնորդ Սրբազան հայրը:

 

Աւարտին, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում, որմէ ետք Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով իր գնահատանքը յայտնեց ներկաներուն եւ յիշեց Նիւ Եորքի մէջ իր ուսանողութեան օրերուն յաճախակի առիթներով տուած իր այցելութիւնները Նիակարա Ֆոլզի համայնքին: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ, հակառակ հայերէն լեզուի նահանջին, հայկական աւանդութիւնները միշտ վառ կը մնան համայնքի զաւակներուն մօտ՝ դրական երեւոյթ մը, որուն ականատեսը դարձանք գաղութին կողմէ գեղեցիկ յայտագիրին ներկայացումով, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:

 

Իր շքախումբին հետ շրջելէ ետք Նիակարա Ֆոլզի Ամերիկեան եւ Գանատական կողմերը, Հայրապետը մեկնեցաւ Գէմպրիճ, Գանատա: