Երկուշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի մօտ Արժանթինի դեսպան Մորիսիօ Ալիսը եւ Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենը:
Դեսպաններուն հետ քննարկումները ընդհանրապէս կեդրոնացան Լիբանանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան գծով վերջին շրջանին տեղի ունեցած զարգացումներուն վրայ: Այս ծիրէն ներս կատարուեցաւ տեսակէտներու փոխանակում եւ շեշտուեցաւ կարելի փութով ընտրութիւն կայացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ արծարծեց Արցախի պարզած ներկայ կացութիւնը՝ զայն նկատելով Ազրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւանց ու արժանապատուութեան դէմ առնուած անմարդկային քայլ, որուն նկատմամբ միջազգային համայնքը դատապարտումէն անդին անհրաժեշտ է, որ դիմէ գործնական քայլերու: