12 June, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ՝ ԳԷՄՊՐԻՃԻ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 9 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին հայրապետական թափօրը, եկեղեցականաց, սարկաւագաց եւ դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ. Գէմպրիճի մասնաճիւղի սկաուտներու առաջնորդութեամբ, հասաւ մինչեւ եկեղեցւոյ դուռը։

 

«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Գահակալ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեանի, մուտք գործեց Ս. Նշան Եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական Աղօթք։

 

Արարողութեան ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան անդամները, տեղւոյն եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ գաղութէն ներս գործող կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը։

 

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ աջահամբոյր՝ «Փոսթաճեան» սրահին մէջ։