8 June, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին հետ, այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն։

 

Շքախումբին մաս կը կազմէին Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանը, Հոգեշնորհ Տ. Պարոյր Վարդապետ Շէրնէզեանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Համա-ատենապետ Պրն. Գրիգոր Մահսէրէճեանը։ Հիւրաբար ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանը։

 

Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը հիւրընկալուեցան Լիբանանի Հանրապետութեան Դեսպան Պրն. Ֆատի Զիատէի եւ Դեսպանատան անձնակազմին կողմէ։

 

Դեսպանը նախ բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ս. Օծութեան, որ ընդառաջեց եւ այցելեց Օթաուայի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն։

 

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ներքաղաքական հարցեր եւ տիրող տնտեսական ճգնաժամը։