13 August, 2023

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ՝ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ներկայ հայկական իրականութեան դիմաց որքա՜ն պէտք ունինք հաւատքի ու կամքի զօրութեան, որպէսզի կարենանք շարունակել ապաւինիլ Աստուծոյ փրկութեան խոստումին, իսկ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առընթեր նշուած Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան նուիրուած Ս. Պատարագը առիթ կը ստեղծէ հաւատացեալներուն վերանորոգուելու եւ վերանորոգելու իրենց քրիստոնէական յոյսը։

 

Արդարեւ, Շաբաթ, 12 Օգոստոս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին արտասանած իր Հայրապետական պատգամը յատկացուց Արցախին եւ զայն յղեց հինգ հասցէներու՝ Հայաստանի իշխանութեան, Հայաստանի ժողովուրդին, միջազգային համայնքին, Սփիւռքին եւ Արցախի ժողովուրդին։

 

Նշենք, որ հանդիսապետութեամբ Նորին Սրբութեան, Վանքի բացօթեայ Ս. Խորանին վրայ Պատարագը մատուցեց Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, առաջնորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Թեմի, երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։

 

Յաւարտ Ս. Պատարագին, Սրբազնագոյն Հայրապետը թափօրով խորան բարձրացաւ ու հանդիսապետեց խաղողօրհնէքի եւ մատաղօրհնէքի արարողութեան, որմէ ետք ուղղեց իր Հայրապետական պատգամը։ Ան ըսաւ, որ խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Արցախի պարզած ներկայ ճգնաժամային կացութեան, երբ շրջափակումի են­թարկուած Արցախը սովամահ ըլլալու անմիջական վտանգին ենթակայ է։ Ուստի, Հայրապետը դիմելով Հայաստանի իշխանութեան, հարց տուաւ, թէ ան կ՚անդրադառնա՞յ արդեօք, որ իր որդեգրած մօտեցումները Արցախը կրնան ջնջել հայ կեանքի քարտէսէն ու ցեղասպանութեան մատնել 120 հազար հայորդիները, միաժամանակ վտան­գելով նաեւ Հայաստանի ապագան։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ Հայաստանը պէտք է տէր կանգնի իր շահերուն՝ զատորոշելով  բարեկամութիւնը ենթակայութենէն։ Աւելին, «Ազրպէյճանի հետ բանակցու­թիւններու ընթացքին հարկ է, որ Հայաստանը դուրս գայ պարտուած ըլլալու հոգեվիճակէն եւ սոսկ զիջումներ կա­տարելու կացու­թենէն։ Եւ աւելին, Հայաստանը պէտք է առ­կախէ բանակ­ցութիւնները մինչեւ որ վերջ գտնէ Արցախի շրջափակումը»։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ նոր պատերազմներէ խուսափիլ չի նշանակեր տեղի տալ Ազրպէյճանի տակաւ բազմացող պահանջներուն։ «Անհրաժեշտ է որդեգրել ճկուն, բայց մարտունակ գործելաոճ, միշտ մեկնելով պատմականօ­րէն հաստատուած եւ միջազգային ճանաչում ստա­ցած Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար կարգավիճակէն։ Այլ խօս­քով, պէտք է մերժել որեւէ մօտեցում, որ Արցախը կը նկատէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան անբաժան մասը», ընդգծեց ան։ Նորին Ս. Օծութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ «շրջափա­կումին կարելի փութով վերջ տալը եւ Արցախի ինքնորոշման կարգավիճակը առաւել շեշտաւորումով միջազ­գային հարթակ բերելը պէտք է Հայաս­տանի իշխանու­թեան արտաքին քաղաքականութեան կիզակէտը դառնան։ Այս համահայկական հրամայականին լոյսին տակ եւ ներկայ ճակատագրական պայմաններուն մէջ, Մեր առաջարկն է, որ իշխանութեան, ընդդիմութեան ու Սփիւռքի ներկայացու­ցիչներէ բաղկացած քաղաքական ու դիւանագիտական հարուստ փորձառութիւն ունեցող մարմին մը, իր ետին ունենալով մեր ողջ ժողովուր­դին նեցուկն ու վստահութիւնը, ամբողջական պատասխանատուութիւնը ստանձնէ վարելու Ազրպէյճանի հետ տարուող բանակցութիւնները, բնականա­բար՝ նոր ոճով ու նոր մօտեցումով», թելադրեց ան։

 

Դիմելով Հայաստանի ժողովուրդին, Նորին Ս. Օծութիւնը տարօրինակ գտաւ տիրող լռութիւնն ու անտարբերութիւնը. ան կոչ ուղղեց ժողովուրդին փողոց իջնելու. «Մեր եղբայրներն ու քոյրերը եւ մեր երեխաները, սովամահ ըլլալու վիճակին մէջ կը գտնուին. դուք ի՞նչ կʼընէք. փողոց իջէք, ինչի՞ կը սպասէք. աշխարհը մեզ կը դիտէ. ժողովուրդին ձայնը գերիվեր է բոլոր տեսակի ձայներէն ու տեսակէտներէն։ Ձեր ժամանակը մի՛ վատնէք ապառողջ քննադատութիւններով, փոխադարձ մեղադրանք­ներով, բաց­ուած ճեղքերը աւելի խորացնելով։ Ոտքի ելէ՛ք, արդարութիւն պահանջեցէ՛ք աշխարհէն։ Հայաստանի մէջ կեանքը չի կրնար բնական ըլլալ, երբ անդին ծայրայեղօրէն անբնական է կեանքը Արցախի մէջ։ Մեր ազգին միասնա­կանութիւնը ու հաւաքա­կան վճռակամութիւնը ցոյց տուէք գործնապէս՝ ձեր դիմաց կանգնած արիւնարբու ազերիին» ըսաւ Հայրապետը։

 

Երրորդ պատգամը ուղղելով միջազգային համայնքին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ ինչպէս 1915-ին, այսօր եւս հարց կու տանք, թէ ո՞ւր է միջազգային համայնքը։ Ազրպէյճան անպատիժ կերպով կը շարունակէ անտեսել Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, Եւրոպական Խորհուրդին, միջազգային իրաւական կառոյցներուն ապաշրջափակման կոչերը, իսկ միւս կողմէն Թուրքիա նեցուկ կը կանգնի շրջափակման ու Զանգեզուրի միջանցքի բացման մասին կը խօսի։ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ կարգ մը բարեկամ երկիրներու զօրակցութիւնը ու մարդասիրական օժանդակութիւնը, որոնց համար շնորհակալ ենք, բաւարար չեն տագնապը լուծելու. հրամայական է Արցախին անվտանգութիւնը ապահովել՝ անոր ինքնորոշման իրա­ւունքը ճանչնալով։ «Մեր սպասումն է, որ յատ­կապէս մեծ պետութիւններ դիմեն գործնական քայլերու, առաջին հերթին ստիպելով Ազրպէյճանին, որ վերջ տայ Արցախի շրջափակումին եւ ապա քաղաքական բանակցու­թիւններու ճամբով ճանչնան Արցախի ինքնորոշումը՝ միջազ­գային հովանաւորութեան ներքեւ» յայտնեց Նորին Սրբութիւնը։

 

Իր պատգամը ուղղելով Սփիւռքին՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերյիշեցուց, թէ Սփիւռքը միշտ գործնապէս եղած է Արցախի կողքին՝ տնտեսական, բարեսիրական, քաղաքական ու քարոզչական հսկայ ներդրում կատարելով, ի խնդիր Արցախի հզօրացման ու զարգացման։ «Արցախը կ՚ուղղուի դէպի կործանում։ Արցախը առանձին պէտք չէ ձգել։ Իւրաքանչիւր հայ եւ ողջ հայութիւնը նուիրական պարտաւորութիւն ունի Արցախին նկատմամբ։  Արցախի փրկութիւնը համահայկական առաջնահերթութիւն է», ըսաւ Հայրապետը ու աւելցուց, որ Սփիւքը կոչուած է դիմելու այնպիսի ազդու միջոցներու, որոնք Արցախի ներքին ուժակա­նու­թիւնը կ՚ամրապնդեն եւ արտաքին աշխարհին մէջ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման անյետաձգելի հրամայականը կը շեշտեն։ «Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է, առաջին հերթին, Սփիւռքի մարդուժը ու ներուժը համախմբել. երկրորդ, աշխա­տանքային յստակ օրակարգ կազմել ու թիրախներ ճշդել եւ երրորդ, տեղեկատուական մարզէն ներս ծրագրուած լայնա­ծաւալ քարոզչութիւն կատարել՝ արաբական, իսլամական, եւրոպական, ամերիկեան, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական շրջանակներէն ներս, համապատասխան շեշտաւորումներով», թելադրեց ան։

 

Վերջապէս, իր պատգամը ուղղելով Արցախի ժողովուրդին, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց. «սիրելի Արցախի հայութիւն, Արցախը պարտուած չէ, յաղթական է Արցախը ու պիտի մնայ յաղթական՝ այնքան ատեն, որ ձեր կեանքը շաղախուած է ամուր հաւատքով, կռանուած՝ անխորտակելի կամքով ու թրծուած՝ պայծառ ապագայի տեսլականով» ու վստահեցուց, որ Արցախը առանձին չէ։ Ան եզրափակեց իր պատգամը՝ ըսելով, որ «Արցախի ժողովուրդը Խորհրդարանին ճամբով արտա­յայտած է իր հաւաքական կամքը՝ «ճանաչում յանուն փրկութեան»։ Արդար պահանջք մը, որ իրաւական հիմք ունի եւ կը համապատասխանէ պատմական իրողութեան ու միջազգային օրէնքին։ Սա պահուն, Մենք եւս Մեր ձայնը միացնելով Արցախի Խորհրդարանին, կը յայտարարենք, թէ «խորապէս համոզուած ենք, որ վերահաս ողբերգութիւնը կանխելու միակ միջոցը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է՝ ՃԱՆԱՉՈՒՄ ՅԱՆՈՒՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ սկզբունքի հիման վրայ»։ Արցախին դիմաց այլ ճանապարհ չկայ։ Եկէ՛ք, ժողովուրդ հայոց, միասնաբար եւ արիաբար քալենք այս ճամբէն։ Բի՜ւր պատիւ ու յարգանք Արցախի մեր սիրելի ժողո­վուրդին»։