Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԳՈՐԾԱԿԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 5 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բասդրմաճեան» սրահին մէջ, հանդիպեցաւ Մեծն Մոնթրէալի մէջ գործող գործակից միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

 

Հետեւելով Վեհափառ Հայրապետի 2023 տարուան Հռչակագիրին, կազմակերպուած էր «Սփիւռք» աշխատանքային հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է վերակազմաւորել Սփիւռքը։

 

Աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր քաջալերել ինքնաճանաչողութիւնն ու երկխօսութիւնը՝ Սփիւռքին դիմագրաւած մարտահրաւներուն մասին, եւ որոնել մարտահրաւէրները յաղթահարելու միջոցներ։

 

Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան բացումը կատարեց աշխատանքային հանդիպման՝ ներկայացնելով Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութիւնը Վեհափառ Հայրապետի Սփիւռքի տարի հռչակման առթիւ։

 

Առաջնորդ Սրբազան հայրը վեր առաւ Վեհափառ Հայրապետի հռչակագիրէն բաժին մը, ուր Նորին Ս. Օծութիւնը կը խօսի հզօր Սփիւռք ունենալու հրամայականին մասին, ու ըսաւ՝ «Պէտք է վերարժեւորել եւ սերտել մեր կատարելիք աշխատանքները, որպէսզի կարենանք կազմաւորել աւելի պայծառ եւ հզօր ապագայ ունեցող Սփիւռք մը։ Պէտք է ըլլանք իրատէս եւ տեսնենք մեր Սփիւռքին նոր մարտահրաւէրները ու պէտք է միասնական ոգիով կեդրոնանալ եւ սերտել, թէ ինչպէս կրնանք այդ բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւել»։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց Նորին Ս. Օծութիւնը, որպէսզի փոխանցէ իր պատգամը։

 

Վեհափառ Հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց գործակից միութիւններու պատասխանատուներու, ներկայացուցիչներուն, մանաւանդ՝ երիտասարդ պատասխանատուներուն հետ հանդիպելու առիթին համար. «Ես կը հաւատամ, որ երիտասարդներն են, որոնք յաջողութեամբ պիտի դիմագրաւեն շատ մը մարտահրաւէրներ։ Պէտք է զանոնք առաւել եւս ներգրաւել եւ ոչ թէ զանոնք պահել հանդիսատէսի դիրքին վրայ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Նորին Ս. Օծութիւնը շեշտեց կարեւորութիւնը ինքնաճանաչողութեան եւ մէկ ըլլալու գաղափարին, այդպիսով կարելի տեսնել ճշմարտութիւնը, նշեց ան։ «Չենք կրնար անտարբեր մնալ այս բոլոր մարտահրաւէրներուն դիմաց, այդ իսկ պատճառով անցնող երկու տարիները «Սփիւռքի Տարի» հռչակեցի։ Այսպէս միասնաբար իրապաշտ ըլլալով կարենանք վստահեցնել, որ մեր Սփիւռքը կը մնայ ապրող իրականութիւն», շեշտեց Վեհափառ Հայապետը։ «Պէտք է պատշաճեցնենք եւ բարեփոխենք մեր մօտեցումները եւ այդպիսով տեսնել այսօրուան Սփիւռքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Պէտք է մենք զմեզ միացնենք մեր ապրած շրջանակին մէջ, բայց պէտք է նաեւ ամուր պահենք մեր ինքնութիւնն ու մշակոյթը», թելադրեց Նորին Սրբութիւնը։

 

Հանդիպման աւարտին ներկաները առիթ ունեցան իրենց հարցումները ուղելու Վեհափառ Հայրապետին եւ ստացան շինիչ պատասխաններ։