Քանի մը օրեր առաջ, Ժընեւի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ հանդիպում մը կայացաւ ԱՐՄԵՆՕՖԱՍ-ի Զուիցերիոյ անդամներուն միջեւ։
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Զուիցերիոյ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահուհի դոկտ. Ռիթա Ֆամոս եւ ԱՐՄԵՆՕՖԱՍ-ի ատենապետուհի փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու ԱՐՄԵՆՕՖԱՍ-ի անցնող տասնամեակներու գործունէութեան, ապա որոշուեցաւ առաջնահերթութիւններու նոր ծրագիր մը մշակել յառաջիկայ շրջանին համար։ Այս ծիրին մէջ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Վեհափառ Հայրապետին եւ դոկտ. Ֆամոսին միջեւ եւ պիտի ճշդուին յանձնախումբին նոր անդամները։