ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՒ Ա.Մ.Ն.Ի ՄՕՏ ՆԱԽԿԻՆ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Չորեքշաբթի, 17 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենը։ Ապա, Հայրապետին այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Լիբանանի նախկին դեսպան դոկտ. Սիմոն Քարամը։

 

Յիշեալ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկման նիւթ դարձան Լիբանանի ընկերատնտեսական կացութիւնը եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան հարցը։