13 June, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԳՈՐԾԱԿԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 10 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիպեցաւ Օնթարիոյի մէջ գործող գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց հետ արծարծեց սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակազմաւորման օրակարգը՝ մեկնած 2023 տարուան հռչակագիրէն

 

Աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր քաջալերել ինքնաճանաչողութիւնն ու երկխօսութիւնը՝ սփիւռքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն առնչուած, եւ մտածել մարտահրաւէրներու յաղթահարման ելքերու մասին։

 

Հանդիպման աւարտին առիթ տրուեցաւ, որ միութիւններու ներկայացուցիչները իրենց հարցումները ուղղեն Նորին Սրբութեան։