12 September, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՄՈՒԷԼ ՇԱՀՐԱՄԱՆԵԱՆԸ

Երկուշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը շնորհաւորական նամակ մը յղեց Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ վսեմաշուք Սամուէլ Շահրամանեանին։

 

Ստորեւ կը ներկայացնենք նամակը.-

 

Վսեմաշուք

 

Տիար Սամուէլ Շահրամանեան
Նորընտիր Նախագահ
Արցախի Հանրապետութեան
Ստեփանակերտ

 

Սիրելի՛ Պրն. Նախագահ,

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ եւ ջերմ սիրով կ՚ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը, որպէս Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան։ Այս առիթով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ եւ կը մաղթենք, որ Արցախի պատմութեան ճգնաժամային հանգրուանին Ձեր ստանձնած պատասխանատուութիւնը վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով կարենաք լիովին արդարացնել՝ ի խնդիր Արցախի մեր սիրելի ժողովուրդին ինքնորոշման արդար իրաւունքին։

 

Արդարեւ, Արցախի հայութեան կեանքի մշուշապատ այս օրերուն, Արցախի ապաշրջափակումը եւ անոր իրաւունքներու տիրացման հետապնդումը հարկ է որ դառնայ առաջնահերթ նպատակը իւրաքանչիւր հայու եւ համայն հայութեան։ Մենք անձնապէս, Մեր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրած ենք ու պիտի շարունակենք դնել միջազգային մակարդակով հետապնդելու Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր թեմերով միշտ եղած է Արցախի պետութեան, անոր քաջարի բանակին ու հերոսական ժողովուրդի կողքին։ Կը վստահեցնենք Ձեզ, որ նոյն ոգիով պիտի շարունակենք մեր Սուրբ Աթոռին զօրակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան։

 

Անգամ մը եւս, անձնապէս եւ յանուն մեր Սուրբ Աթոռի միաբանութեան, ժողովականութեան, թեմերուն եւ մեր ժողովուրդին ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեր ընտրութիւնը։ Թող Ամենաբարին Աստուած Իր հովանին անպակաս ընէ Արցախի Հանրապետութեան վրայէն, եւ Արցախի հայութեան շնորհէ խաղաղ ու բարօր տարիներ։

 

Հայրապետական օրհնութեամբ,

 

Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Անթիլիաս, 11 Սեպտեմբեր 2023