Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ «Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ՍՐԱՀԻՆ ԵՒ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՏԻԱՐ ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԸ

Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850 ամեակին առիթով համահայկական տարողութեամբ յատուկ նշումներ ու հանդիսութիւններ տեղի կ’ունենան աշխարհի տարածքին։ Այս առիթով, Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմը Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ ներքնասրահը վերանորոգելով՝ զայն վերանուանեց «Ս. Ներսէս Շնորհալի» սրահ եւ պաշտօնական բացումը նախատեսեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնաբաշխ հովուապետական այցելութեան միջոցին։

 

Արդ, Հինգշաբթի, 11 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմին կատարած հովուապետական այցելութեան երրորդ օրը, բացումը կատարեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ վերանորոգուած եւ Շնորհալի հայրապետին անունով վերաուանուած ներքնասրահին։

 

Յայտնենք, որ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» սրահին վերանորոգման բարերարութիւնը ստանձնած էր քուէյթահայ ազգայիններէն տէր եւ տիկին Կիրակոս եւ Սիլվա Գույումճեան ու իրենց զաւակները։

 

Սրահի բացումէն ետք, թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան խօսք առնելով՝ շնորահակալութիւն յայտնեց նախ Վեհափառ Հայրապետին եւ ապա տիար Կիրակոս Գույումճեանին, որ ընդառաջելով թեմի փափաքին՝ ստանձնեց սրահի վերանորոգման բարերարութիւնը։ Ապա, ընթերցուեցաւ Նորին Ս. Օծութեան Սրբատառ Կոնդակը, ուր Հայրապետը կ՚ըսէր. «Քաջածանօթ ենք այն սիրոյն ու նախանձախնդրութեան, զորս ցուցաբերած էք միշտ, եւ կը շարունակէք ցուցաբերել, ընդհանրապէս հայ եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նկատմամբ։ Ուրախութեամբ կը վկայենք, թէ այդ սէրն ու նախանձախնդրութիւնը դուք գիտցաք գործնապէս արտայայտել նաեւ Քուէյթի թեմէն ներս։ Արդարեւ, երկար տարիներէ ի վեր Քուէյթ հաստատուած ըլլալով, Ձեր կարեւոր ներդրումը ունեցաք թեմի կազմաւորման մէջ, եւ որպէս գործօն անդամ ազգային մարմիններուն, Ձեր նիւթական օժանդակութիւնը չխնայեցիք՝ ի խնդիր թեմի առաւել բարգաւաճման։ Օժանդակութեան ձեռք երկարեցիք ոչ միայն Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ Ազգային Վարժարանին, այլ նաեւ Ձեր հիմնած «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակին ճամբով քաջալեր հանդիսացաք ուսումնատենչ երիտասարդներու ու պատանիներու։ Հայ թէ օտար մամուլի էջերուն մէջ Ձեր ստորագրած յօդուածներով Դուք պայքարեցաք ի խնդիր մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման։ Մենք կը հաւատանք, որ այս ծիրէն ներս Ձեր տարած հետեւողական ճիգով միշտ արծարծ պիտի պահէք մեր ժողովուրդի արդար դատը, յատկապէս օտար շրջանակներէ ներս»։

 

Հանդիսութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Կիրակոս Գույումճեանին եւ կոչ ուղղեց ազգայիններուն՝ առաւելագոյն չափով օգտակար դառնալու համայնքի ծրագիրներուն։

 

Յայտնենք, որ տիար Գույումճեանին «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանը շնորհուեցաւ երէկ՝ Շաբաթ, 13 Մայիս 2023֊ին, ի պատիւ Նորին Սրբութեան տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթին։