13 May, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Շաբաթ, 13 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Քուէյթ կատարած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ, այցելեց Ծոցի երկիրներու Վատիկանի դեսպանատուն, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ դեսպան եւ Պապական Նուիրակ Եուճին Արք. Նուճընթի կողմէ:
 
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնն ու Պապական Նուիրակը զրուցեցին շրջանը յուզող հարցերու եւ տարածաշրջանին մէջ քրիստոնեայ համայնքներու գործունէութեանց մասին: