Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 21 Մայիս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, սարկաւագական ձեռնադրութիւն տեղի ունեցաւ յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, ձեռամբ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեանի։
Սարկաւագական կարգ ստացան Դպրեվանքի Բ. Ընծայարանի աշակերտները.- Վարդան Կիս. Ասայեան, Վահէ Կիս. Ֆիլիքեան, Հրակ Կիս. Թաշճեան եւ Դրօ Կիս. Կիւլէսէրեան։
Ընծայեալները, խարտաւիլակ հայր սուրբին առաջնորդութեամբ, ծնրադիր բարձրացան Ս. Խորան, ուր անոնց անբիծ կեանքին մասին վկայութիւններ տրուելէ ետք, հրապարակաւ հրաժարեցան աշխարհէն ու աշխարհիկէն եւ ուխտեցին նուիրուիլ հայ եկեղեցւոյ եւ Ս. Սեղանի ծառայութեան։ Ապա, ձեռնադրիչ սրբազանը անոնց ուսերուն վրայ դրաւ Քրիստոսի լուծը խորհրդանշող սուրբ ուրարները եւ ոգեշունչ աղօթքներով անոնց տուաւ Ս. Աւետարան ընթերցելու, սկիհի վերաբերում կատարելու ու բուրվառով Աստուծոյ անոյշ բոյրը խնկելու իշխանութիւնը։
Ձեռնադրութենէն ետք, սրբազան հայրը յաւուր պատշաճի փոխանցեց օրուան պատգամը։ Անոր քարոզին առանցքը Քրիստոսի տուած խոստումն էր առաքեալներուն, Մխիթարիչը՝ Ս. Հոգին ղրկելուն մասին, քաղուած Յովհաննու Աւետարանէն. «բայց Մխիթարիչը՝ Ս. Հոգին, որ Հայրս ձեզի պիտի ղրկէ իմ անունովս, Անիկա ձեզի ամէն ինչ պիտի սորվեցնէ եւ յիշեցնէ ինչ որ ես ձեզի ըսի» (Յհ 14.26)։ Խօսելով Ս. Հոգւոյ դերակատարութեան մասին՝ սրբազանը յիշեցուց Քրիստոսի խոստումները, որ տուած էր առաքեալներուն Իր երկրաւոր առաքելութեան վերջին հանգրուանին, թէ Մխիթարիչը պիտի գայ եւ մխիթարէ, առաջնորդէ, քաջալերէ ու ներշնչէ…։ Ապա համապարփակ բացատրութիւն տուաւ մեր ունեցած հաւատքին մասին Ս. Երրորդութեան՝ Հօր, Որդիին եւ Ս. Հոգիին, սակայն մէկ Աստուածութեան ու մէկ բնութեան նկատմամբ։ Սրբազանը անդրադարձաւ Ս. Հոգիին դերկատարութեան եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, սուրբ խորհուրդներուն ընդմէջէն՝ մկրտութեան, դրոշմի, պսակի եւ այլն…։ Եւ ահաւասիկ, ձեռնադրութիւնը եւս, այս պարագային սարկաւագականը, կը ներառուի եկեղեցւոյ սրբազան խորհուրդներու շարքին։ Յիշեալ բոլոր խորհուրդները, Ս. Հոգիին առաջնորդութեամբ ու զօրութեամբ կ՚օգնեն մեզ, որպէսզի մեր հաւատքի կեանքը ապրինք, զարգացնենք ու ուռճացնենք։
Ապա, խօսքը ուղղելով նորընծայ սարկաւագներուն՝ ըսաւ, որ այսօր դուք կոչուեցաք դպրութենէ սարկաւագութեան։ Մինչեւ օրս դուք իբրեւ դպիրներ ունէիք եկեղեցական պարզ ու խոնարհ պատասխանատուութիւն, սակայն այս պահէն սկսեալ ձեր պատասխանատուութիւնը եղաւ ենթակայական, այսինքն ձեր սպասաւորութիւնը այլեւս ենթականերուն է, անոնց հոգիներուն է, սակայն ո՛չ ուղղակիօրէն, այլ՝ օգնականի հանգամանքով, սարկաւագի հանգամանքով։ Սրբազան հայրը երեք յորդորդներ փոխանցեց նորընծայ սարկաւագներուն եւ թելադրեց, որ իրենց մտապաստառին վրայ մնայուն կերպով դրոշմուին անոնք.-
ա) դուք Քրիտոսի ձեռքէ՛ն ստացաք ձեր ուսին վրայ դրուած սուրբ ուրարը. ամէն անգամ, երբ զայն կրէք ձեր ուսերուն վրայ, թող այն վերյիշեցման առիթ ըլլայ ձեզի, որ զայն ստացած էք մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքէն։
բ) ուրարը Քրիստոսի ծառայութեան քաղցր լուծին խորհրդանիշն է. այսօր դուք կը ստանաք զայն ձեր ձախ ուսերուն վրայ, որովհետեւ ձախ ուսը տկար կողմ է եւ սարկաւագութիւնը իբրեւ հայ եկեղեցւոյ երեք կարգերուն անդրանիկն ու խոնարհը, դուք իբրեւ օգնականներ զայն կը կրէք ձեր ծառայական առաքելութեան սկզբնաւորութեան, որպէսզի յետագային, աւելի բարձր պատասխանատուութեամբ, այն դառնայ քահանայական փորուրար եւ ապա եկեղեցւոյ բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեան ստանձնումով՝ դառնայ եպիսկոպոսական եմիփորոն։
գ) դուք դարձաք սարկաւագները հայ եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին։ Ձեր ծառայութիւնը Կիլիկեան մեր Ս. Աթոռին նկարագիրը պէտք է ունենայ։ Յետ այսու ձեր ծառայութեամբ է, որ մարդիկ պիտի ճանչնան ձեր պատկանելիութիւնը եւ գիտնան, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութենէն ու Դպրեվանքէն ստացած ծառայական ոգի ունիք։
Քարոզի աւարտին, ձեռնադրիչ Գեղամ Արք. շնորհաւորեց Դպրեվանքի տեսչութիւնն ու ուսուցչական կազմը եւ նորընծայ սարկաւագներուն ծնողներն ու պարագաները եւ աղօթք բարձրացուց առ ամենաբարին Աստուած, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պահէ հաստատուն, Դպրեվանքը՝ զօրեղ եւ Կիլիկեան Ուխտեալ Միաբանութիւնը՝ բարգաւաճ։
Ս. Պատարագէն ետք, նոր ընծայեալ սարկաւագները, ձեռնադրիչ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ եւ շաբաթ մը առաջ դպրութեան ու կիսասարկաւագութեան ձեռնադրութիւն ստացած Դպրեվանքի աշակերտները, բարձրացան Վեհարան, ուր Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական ու հայրական օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքը փոխանցեց անոնց։