15 June, 2023

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 12 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, «Համազգային» Թատերասրահին մէջ, մասնակցութեամբ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ «Զարեհ Ազնաւորեան» եւ «Մեղրիկ Բարիքեան» դպրաց դասերու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Հայ Աստղեր» մանկապատանեկան երգչախումբի, «Գուսան» երգչախումբի եւ «Էրեբունի» պարախումբի ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

 

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց բոլոր մասնակիցները եւ անդրադարձաւ հայ մշակոյթի ու անոր առաւել զարգացման կարեւորութեան մասին։