15 May, 2023

ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԵՐԿՐԻ ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմին տուած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս բարեկամական հանդիպում ունեցաւ Քուէյթի նախկին վարչապետ Շէյխ Նասէր Ալ-Մուհամմատ Ալ-Ահմատ Ալ-Ճապէր Ալ-Մուպարաք Ալ-Սապահին հետ:
 
Յայտնենք, որ Շէյխ Նասէրը միաժամանակ Ֆրանքոֆոնի մօտ Քուէյթի ներկայացուցիչն է, կարեւոր ներկայութիւն է երկրի քաղաքական կեանքին մէջ եւ Վեհափառ Հայրապետին անձնական բարեկամն է:
 
Հանդիպման ներկայ էին թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանը, Քուէյթի մօտ Լիբանանի դէսպանը, Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ֊եկեղեցական եւ միջ֊կրօնական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանը։
 
Բարեկամական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Քուէյթի մէջ հայ համայնքին, Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ ընդհանրապէս արաբական աշխարհին մէջ Քուէյթի դերակատարութեան:
 
Յայտնենք, որ երկրէն բացակայութեան պատճառով, Վեհափառ հայրապետը առիթ չունեցաւ հանդիպում ունենալու գահաժառանգին հետ։