ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Թորոնթոյի համալսարանէն ներս Վեհափառ Հայրապետին տուած դասախօսութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետին հանդիպեցաւ Գանատայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար Փիթըր Նոթպումը:

 

Ան թէ՛ դասախօսութենէն ետք ունեցած իր հրապարակային արտայայտութեան ընթացքին եւ թէ՛ առանձնաբար անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին կարեւոր դերին միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր քարտուղարին յայտնեց, որ միջ-եկեղեցական շարժումը ներկայ ժամանակներուն կարիքը ունի նոր օրակարգի, նոր ոճի եւ նոր մեթոտի: Եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան ընթացքին անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ նկատի ունենալ միջ-եկեղեցական հարցերը եւ ընդհանրապէս ներկայ ընկերութիւնը դիմագրաւող խնդիրները: