31 May, 2023

Ս. ԱԹՈՌՈՅՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը 2023 տարին հռչակեց «Սփիւռքի Տարի Բ. — Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում»։ Այս շրջագիծին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ձեռնարկած է հովուապետական այցելութիւններու՝ նպատակ ունենալով Սփիւռքի մեր գաղութներու վերակազմակերպումը, մեկնելով «Հզօր Սփիւռք՝ Հզօր Հայաստան Եւ Հզօր Արցախ» տեսլականէն ու յանձնառութենէն։

 

Արդարեւ, Երեքշաբթի, 31 Մայիս 2023-ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Գանատա, ընկերակցութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանի։

 

Գանատայի հայոց թեմին շնորհած հովուապետական այցելութեան ընթացքին, 1-15 Յունիս, Հայրապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ թեմի Երեսփոխանական Ժողովին, Ազգային Իշխանութեան, հոգեւորականաց դասուն, թեմական ու համայնքային պատասխանատու մարմիններուն, միջ-եկեղեցական պատասխանատուներու եւ դիւանագիտական ու պետական անձնաւորութիւններու հետ:

 

Վերոյիշեալ հանդիպումներու ընթացքին պիտի արծարծուին գաղութի աշխատանքներուն, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ վերակազմակերպան հանգրուաններուն հետ առնչուած հարցեր եւ պիտի մշակուին համապատասխան աշխատանքային ծրագիրներ։