8 March, 2013

Դպրեվանեցիներ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ

Ուրբաթ 8 Մարտ 2013 երեկոյեան ժամը 7:00-ին, դպրեվանեցիներ Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ Մեծ Պահքի հսկումի ժամերգութիւնը կատարեցին:  

 

Ժամերգութեան աւարտին« օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց Դպրեվանքի աւարտական դասարանէն Բրշ. Անդրանիկ Աւ. Սրկ. Տալգլըճեան, բնաբան ունենալով. ՙՀօրը իմաստութիւնը՝ Յիսուս, իմաստութիւն տուր ինծի, որ բարի բաներ խորհիմ, խօսիմ եւ գործեմ քու առջեւդ՝ ամէն ժամ. չար խորհուրդներէ, խօսքերէ եւ գործերէ փրկէ՜ զիս եւ ողորմէ՜ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս՚:  

 

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Դպրեվանքի Տեսչութիւնն ու ուսանողութիւնը եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, թաղականութեան եւ տիկնանց միութեան հետ բոլորուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ եւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին ջերմ հիւրասիրութեան համար: 

 

Ընթրիքի աւարտին, խօսք առաւ Հսկիչ Հոգշ. Տ. Գարեգին Աբղ. Շխրտըմեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, իր խօսքը ուղղեց դպրեվանեցիներուն եւ ըսաւ. ՙՄենք այսօուան քաղցր ընդունելութեան դիմաց, իրաւունք չունինք անտարբեր մնալու: Դպրեվանքէն ներս մեր կազմաւորման օրերուն մեր պարտքը պիտի հատուցանենք մեր ժողովուրդին համար աղօթելով, ու ապա Հայ Եկեղեցւոյ ճամբով մեր ժողովուրդին ծառայութեան լծուելով՚:  

 

Երեկոն իր աւարտին հասաւ ՙԿիլիկիա՚ քայլերգով եւ գոհաբանական աղօթքով:

More News