28 April, 2018

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ՆԱԶԱՐԵԱՆ 200.000 ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ

Քուէյթի ազգայիններէն՝ Անուշաւան Նազարեան 200.000 ամերիկեան տոլար նուիրեց Դպրեվանքէն ներս մատենադարանի հաստատման։ Մատենադարանը պիտի կոչուի իր զաւակներուն՝ Նունէ եւ Նինարէ Նազարեաններու անունով։
 
Նշենք, որ Անուշաւան Նազարեան նաեւ իր կարեւոր ներդրումը բերած է Քուէյթի եկեղեցւոյ ու ազգային առաջնորդարանի շինութեան եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Իշխան»ի շքանշանին։

More News