Այսօր՝ Չորեքշաբթի, 19 Յունիս 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն ներս տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի ուսուցչաց հանդիպումը կրթական տարեփակին առիթով: Բնականաբար, հանդիպման նպատակն էր ընդհանուր արժեւորումի ենթարկել Դպրեվանքի 2018-2019 կրթական տարեշրջանի ուսումնական աշխատանքը, աշակերտներու՝ դասարան առ դասարան եւ աշակերտ առ աշակերտ կատարած աշխատանքը եւ ապա ճշդել յառաջիկայ կրթական շրջանին ծրագիրին ու կատարուելիք աշխատանքին ընդհանուր ուրուագիծը:
Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով Դպրեվանքի ուսուցչական կազմը իր բարձր գնահատանքը փոխանցեց անոնց հայ ուսուցիչի յատուկ նուիրումով ու բծախնդրութեամբ կատարած իրենց կրթադաստիարակչական աշխատանքին համար: Ապա խօսելով Դպրեվանքին մասին Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ Դպրեվանքը սովորական դպրոց մը չէ իր կրթական ծրագիրով, իր միջավայրով եւ իր նպատակով: Ան վաղուան հոգեւորականի, ուսուցիչի, մտաւորականի հոգեմտաւոր կազմաւորման լծուած առաքելութիւն է: Այս մօտեցումով պէտք է ուսուցիչը կատարէ իր դերը Դպրեվանքէն ներս:
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Դպրեվանքի ներքին կրթական կեանքին եւ արտադասարանային աշխատանքներու առնչուած կարգ մը երեւոյթներու՝ կատարելով անհրաժեշտ թելադրութիւնները: Ան յատկապէս շեշտեց աշակերտին լեզուամտածողութիւնը, քննական ու վերլուծական մօտեցումը խորացնելու ու զարգացնելու կարեւորութիւնը: Միաժամանակ յիշեցուց Դպրեվանքի կրթական ծրագիրը վերատեսութեան ենթարկելու հրամայականը նոր ժամանակներու ու մարտահրաւէրներու լոյսին տակ:
Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը իր աբեղայութեան տարիներէն սկսեալ մինչեւ այսօր, Դպրեվանքէն ներս եղած է ուսուցիչ: Ան այսօր եւս կը դասաւանդէ աստուածաբանութիւն Դպրեվանքի աւարտական դասարանին: