Շաբաթ 16 Փետրուար 2013, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Դպրեվանքը հիւրընկալեց լիբանանահայ երեք արուեստագէտներ՝ Պարոն Յարութիւն Թորոսեանը, Պարոն Գրիգոր Նորիկեանն ու Դպրեվանքի արուեստի եւ նկարչութեան ուսուցիչ՝ Պարոն Յովսէփ Գասպարեանը, որոնք նկարչական արուեստին մասին խօսեցան:
Բացման խօսքը կատարեց Բրշ. Անդրանիկ Աւ. Սրկ. Տալգլըճեան եւ Ուսանողական Խորհուրդին անունով բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն:
Յովսէփ Գասպարեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Յարութիւն Թորոսեանն ու անոր արուեստը:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Յարութիւն Թորոսեան, որ ներկայացուց վերածնունդի արուեստի հոլովոյթը: Ան մասնաւորաբար խօսեցաւ նկարչութեան զանազան ճիւղերու ծննդոցին մասին եւ անոնց հիմնադիրներուն կեանքէն դրուագներ պատմեց:
Իր սիրտի խօսքը փոխանցեց Գրիգոր Նորիկեան, որ քաջալերեց դպրեվանեցիները իրենց մէջ արուեստագէտը յայտնաբերելու:
Դպրեվանեցիներ զանազան հարցումներ ուղղեցին եւ դասախօս արուեստագէտներէն գոհացուցիչ պատասխաններ ստացան:
Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն եւ մասնաւորաբար Յարութիւն Թորոսեանին, որ իր եւ իր զաւակին՝ Ստեփանին կողմէ երկու գեղանկար նուիրեց Դպրեվանքի մնայուն ցուցահանդէսին:
Երեկոն փակուեցաւ գիշերային հաւաքական աղօթքով: