27 Մայիսի, 2018

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ՀԵՐՈՍ ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՇԻՐԻՄԻՆ ԱՌՋԵՒ ԵՒ ՀԱՄԵՐԳ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ «ԱՐՄԱՇ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿՈՂՄԷ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին ձախ կողմը գտնուող «Զարեհեան Դամբարան»ին մէջ, Կիրակի, 27 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երանաշնորհ հայրապետներէն՝ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանի շիրիմին առջեւ։ Երանաշնորհ Հայրապետը որպէս վարդապետ, հայ զինուորի կողքին մասնակից դարձած է Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի պատերազմներուն՝ իր աղօթքով ու պատգամներով խրախուսելու հայոց բանակը։

Հոգեհանգիստի արարողութենէն ետք, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս բարձրացած անկախութեան յուշակոթողին առջեւ, տեղի ունեցաւ համերգ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարանի։

Ելոյթին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Բարշ. Մուշեղ Սրկ. Գարակէօզեան, որ լուսարձակի տակ առաւ հայ ժողովուրդին աննկուն կամքը կեանքի ալիքներուն դիմաց: Ան ըսաւ, որ 1915 թուականի աղիտալի եղեռնէն ետք հայ ազգը պայքարեցաւ կերտելու իր ճակատագիրը իր ձեռքով եւ այդ կատարեց նաեւ պայքար երգելով: Այս ելոյթը հոգիի պարտք եղող ազատութեան եւ արդար հատուցումի ձայնն է, որ կը հնչէ Կիլիկիոյ փառաւոր Աթոռին ու անոր ազգընտիր Գահակալին ընդմէջէն:

Ապա, Դպրեվանքի սաները, իրենց ազգային ու յեղափոխական երգերով, պանծացուցին յիշատակը մեր ազգային հերոսներուն եւ հայ ժողովուրդի անկախութեան ոգին ու տենչը փոխանցեցին ներկաներուն։ Ելոյթին տուտուկով հանդէս եկաւ նաեւ Հոգշ. Տ. Օշին Աբղ. Չուալերթանեանը:

Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Սարդարապատի երգով ու «Կիլիկիա» քայլերգով:

More News