23 Մարտի, 2013

Դպրեվանքի մէջ տարեդարձի նշում

Շաբաթ 23 Մարտ 2013-ին, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ, ճաշի ընթացքին, Դպրեվանքի սաներ ուրախութեամբ նշեցին Մարտ ամսուան մէջ ծնած իրենց Հսկիչին՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Աբղ. Սարգիսեանի եւ եղբայրներուն՝ Սեբաստիա Աւ. Սրկ. Ղարախանեանի, Յարութիւն Կիւլոյեանի եւ Գրիգոր Ֆենէրճեանի տարեդարձը:  

 

Տեսչութեան եւ դպրեվանեցիներուն անունով՝ Հսկիչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան շնորհաւորեց զանոնք՝ աստուածահաճոյ կեանքի մաղթանքներով: 

 

Տարեդարձի ընթացքին Տեսչութիւնն ու ուսանողութիւնը շնորհաւորեցին կրտսեր սաներէն՝ Ղազար Քէօշկէրեանի անուան տօնը:‎‎  

 

Տարեդարձի կարկանդակի հիւրասիրութիւնը յանձն առած էին Լոս Անճելըսէն Տէր եւ Տիկին Նիկոլ Մանուկեան:

 

More News