11 October, 2020

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԻՆ ԵՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 90-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Աւանդութեան համաձայն, Անթիլիասի Դպրեվանքի ուսումնական-կրթական տարեշրջանի վերամուտը տեղի կ՚ունենայ Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին՝ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցելով հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն կը հանդիսապետէ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, իսկ Պատարագը կը մատուցէ Դպրեվանքի տեսուչը։

 

Արդարեւ, Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2020-ին, Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Դպրեվանքի նորանշանակ տեսուչ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, հանդիսապետութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։ Սրբազան հայրը իր քարոզը սկսաւ Գէորգ Էմինի «Մեր Այբուբենը» քերթուածէն հատուածով մը եւ նշեց, որ հայ ժողովուրդը հաւատաց Ս. Սահակին եւ Ս. Մեսրոպին մեզի կտակած Այբուբենին ինքնութեան կնիք եւ հայ մշակոյթին պահապան ըլլալուն։ Ան ըսաւ, որ Դպրեվանքի 90-րդ տարեշրջանը կը սկսինք տօնին նուիրուած Պատարագով, որպէսզի «Աստուած Դպրեվանք-տունը վերածէ Սելովամի աւազանի եւ ով որ հոն մտնէ Աստուծոյ, ազգին եւ Հայրենիքին ծառայութեան նուիրուի»։ Իր խօսքը ուղղելով սաներուն՝ Սրբազանը ընդգծեց որեւէ յաջողութեան մէջ Աստուծոյ կամքն ու օրհնութիւնը տեսնելու հրամայականը եւ ամփոփեց նուիրումով ծառայելու կարեւորութիւնը։ Խօսելով թարգմանչաց վարդապետներու մարտահրաւէրներուն մասին, տեսուչ սրբազանը զուգահեռներ գծեց ներկայ համաշխարհային տարողութեամբ կեանքի դժուար պայմաններուն ու դիտել տուաւ, որ հակառակ անոր «Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին քաջալերանքով ու Կաթողիկոսարանի բարերարներուն մնայուն նեցուկը ունենալով, կը պատրաստուինք քալելու այն ճամբէն, որ մեզի համար պատրաստեցին Թարգմանչաց Վարդապետները»։ Եզրափակելով, Մեղրիկ սրբազան վստահեցուց, որ Դպրեվանքը պիտի շարունակէ իր յանձնառու առաքելութիւնը եւ խնդրեց հաւատացեալներէն, որ չդադրին Դպրեվանքին համար աղօթելէ, որպէսզի դպրեվանեցիները միշտ լեցուն մնան երկնային իմաստութեամբ ու բացուին Ս. Հոգիի շնորհներուն։

 

Պատարագի աւարտին, Հայրապետական թափօրը, «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, ուղղուեցաւ Վեհարան, ուր պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ Դպրեվանքի կրթական-ուսումնական 90-րդ տարեշրջանին։

 

Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ հանդիսութիւնը ընթացք առաւ Դպրեվանքի քայլերգով, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դպրեվանքի հսկիչներէն Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեան։ Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Դպրեվանքեան կեանքին ու պատմութեան ոսկեայ 90-ամեայ շղթան կազմուած է հոգեմտաւոր, հոգե-ընկերային եւ քրիստոնէական բարոյական արժէքներէ, հաւատաւոր աշխատանքէ եւ Աստուած-Դպրեվանք սերտ յարաբերութեան սուրբ ու նուիրական գիտակցութեան ամբողջական ընթացքէ մը:

 

Տեսուչ սրբազանը խօսք առնելով վկայաբերեց Անթուան Մէյէի հայերուն մասին վկայութիւն մը, ուր հեղինակը կը նշէ հայ ժողովուրդին հին ազգ ըլլալն ու գոյատեւելու կամք ունենալը, ու ապա հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը՝ փոխանցելու իր հայրապետական պատգամը։

 

Վեհափառ Հայրապետը վերյիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ընտանիք մըն է, որուն մաս կը կազմենք բոլորս՝ զանազան պատասխանատուութիւններով, իսկ այս ընտանիքին մէջ Դպրեվանքը ունի իր կարեւոր տեղն ու դերը, որովհետեւ ան սրբազան առաքելութեան կը պատրաստէ իր զաւակները։ Հայրապետը յայտնեց, որ այսօր պատերազմի մէջ կը գտնուինք երեք ճակատներու վրայ.- Հայաստանի ու Արցախի պատերազմ, տնտեսական պատերազմ եւ պսակաձեւ ժահրի պատերազմ։ Ան Պօղոս առաքեալի բառերը մէջբերելով՝ մաղթեց, որ բարւոք պատերազմ եւ շուտաբոյթ աւարտ ունենան այս պատերազմները։ Մենք որպէս եկեղեցի, այս երեք պատերազմներուն առաջին գիծին վրայ կը գտնուինք՝ մեր ծառայական առաքելութեամբ։ Իբրեւ եկեղեցի մենք միշտ ժողովուրդին հետ ու կողքին եղած ենք եւ մասնակից՝ անոր կեանքի ելեւէջներուն, ցաւին, տառապանքին ու յաջողութեանց, եւ շարունակեց՝ ըսելով, որ եկեղեցին ու ժողովուրդը տարբեր իրականութիւններ չեն եւ անոնց միջեւ անջատման գիծեր ու սահմաններ գոյութիւն չեն կրնար ունենալ։

 

Շեշտելով Դպրեվանքին դարաւոր առաքելութիւնը՝ Հայրապետը ըսաւ, որ Դպրեվանքի սաները կրթական ծրագիրներու դասաւանդման կողքին առաջին հերթին կը ստանան հոգեմտաւոր կազմաւորում, որ եկեղեցիէն կը սկսի եւ եկեղեցիով կը վերջանայ՝ զայն ժողովուրդին տանելու յանձնառութեամբ։ Ան նաեւ յայտնեց, որ Դպրեվանքը լայն կարելիութիւններ ունեցող միջավայր մըն է։ Այս առիթով ան ողջունեց նորակազմ տեսչութիւնը եւ յորդորեց, որ տեսչութիւնն ու ուսուցչական կազմը, նոյն այս մարդակերտումի առաքելութիւնը ունենալով իբրեւ տեսլական, բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ ու յանձնառութեամբ կատարեն իրենց վստահուած ծանր պարտաւորութիւնը։

 

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը աւարտեց աղօթելով, որ Աստուած Իր երկնային շնորհներով պայծառակերպէ Դպրեվանքի աշակերտութեան, տեսչական ու ուսուցչական կազմերուն կամքն ու աշխատանքը, օրհնէ հայ ժողովուրդի զաւակները եւ հայոց բանակի քաջարի զինուորները։

 

Յայտնենք, որ բացման հանդիսութեան ընթացքին նաեւ տեղի ունեցաւ աւետարանական ընթերցում եւ շարականներու երգեցողութիւն՝ դպրեվանեցիներուն կատարողութեամբ։

 

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Հայրապետական մաղթերգով եւ «Կիլիկիա» քայլերգի միաբերան երգեցողութեամբ։

More News