Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը
Շաբաթ 18 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի այցելեցին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութեան անդամներն էին Պրն. Մայք Խարապեան (ատենապետ) եւ նոյն վարչութեան անդամ Պրն. Յարութիւն Երկանեան: Աւելի քան ժամ մը տեւած խորհրդակցութիւնը Վեհափառ Հայրապետին հետ ներառեց առաւելաբար Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման առնչուած ծրագիրներ ու աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը…