15 October, 2017

ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ ԵՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 88-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 15 Հոկտեմբեր 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ տեսչական պատարագ՝ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Օրուան պատարագիչն է Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան։ Պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Վեհարանի դահլիճ, ուր հանդիսաւորապէս տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի ուսումնական-կրթական նոր տարեշրջանի բացումը։ Բացման հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ միաբան հայրեր, ուսուցիչներ, բարերարներ, ծնողներ եւ Դպրեվանքի առաքելութեան հաւատացող հայորդիներ:

 

Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ Դպրեվանքի քայլերգով, ապա Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ՝ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանին, ներկայացուց փունջ մը հոգեւոր եւ ազգային երգեր։

 

Ապա, տեսուչ հայր սուրբը խօսք առնելով՝ նշեց, որ Դպրեվանքին մէջ ուսում ջամբելէն բացի մարդակերտում կը կատարուի եւ կը պատրաստուի գլխագիր Մարդ։ «Հոգեմտաւոր դարբնոց Դպրեվանքի 88-րդ վերամուտը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար վերանորոգման հրամայականին ընդառաջելու առիթ է», ըսաւ ան՝ յայտնելով, որ Վեհափառ Հայրապետին կոչին ընդառաջելով, Դպրեվանքը եւս վերանորոգած է իր տեսլականը, ծառայելու վճռակամութիւնը եւ սերունդներ կերտելու հաւատարմութիւնը։ Խօսելով կեանքին դպրոց մը ըլլալուն եւ անոր ամէնէն կարեւոր ազդակը ժամանակը ըլլալուն մասին, տեսուչ հայ սուրբը յորդորեց եկող ժամանակները այնպէս մը իմաստաւորել, որ աշակերտութեան տարիներուն ամբարուած գիտելիքները տասնապատկուած արդիւնաւորուին։

 

Աւարտին, հայրապետական իր պատգամը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ան յայտնեց, որ կրթական տարեմուտը հոգեւոր, մշակութային ու ազգային խանդավառութեան ալիք մը կը ստեղծէ, որովհետեւ այս երեքը իրարմէ անջատ չեն եղած հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ, մանաւանդ Ոսկեդարուն, երբ հայկական մշակոյթը քրիստոնէական նկարագիր ստացաւ շնորհիւ գիրերու գիւտին եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան։ Նորին Սրբութիւնը  ընդգծեց, որ Ե. դարէն ետք Աստուած մեզի հետ հայերէն խօսեցաւ մեր մշակոյթի ճամբով, եւ հետեւաբար մշակոյթն ու հաւատքը միախառնուեցան մեր ազգին պատմութեան մէջ. այս բոլորը կը պարտինք Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին, Սահակ Պարթեւ Հայրապետին եւ անոնց աշակերտներուն։

Հայրապետը թուեց Թարգմանչաց սերունդէն մեզի հասած այժմէական երեք պատգամներ. «որքան ալ Հայաստանի մէջ ռուսերէնը, Սփիւռքին մէջ անգլերէնը, ֆրանսերէնը, արաբերէնը կամ այլ լեզուներ կարեւոր ըլլան, հայերէնը առաջնահերթութիւն է» ընդգծեց ան՝ աւեցնելով, որ «հայուն լեզուն հայերէ՛նն է»։

 

«Լեզու եւ մշակոյթ կերտելէ անդին, մեր հայրերը մեր մշակոյթին ու հոգեմտաւոր արժէքներու ճամբով Աստուծոյ ներկայութիւնը կեանքի վերածեցին մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ»,  ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը երկրորդ պատգամով։ Իսկ երրորդ պատգամով, ան խօսքը ուղղեց հայ ծնողներուն եւ անոնց ուսերուն վրայ դրաւ հայաշունչ ոգիով եւ հայ ընտանիք դաստիարակելու առումով ուղղուիլ միայն հայկական վարժարաններ, որովհետեւ հայ ուսուցիչը լոկ դասաւանդող չէ, այլ հայակերտ ու մարդակերտ կրթական մշակ է, յայտնեց ան։

 

Նորին Սրբութիւնը  իր խօսքը եզրափակեց շնորհաւորելով Դպրեվանքին վերամուտը ու յայտնեց, որ Դպրեվանքը պարզ դպրոց մը չէ.- «ան որ Դպրեվանքի բովէն կ՚անցնի ու անոր տեսիլքէն կայծ մը կ՚առնէ տարբեր անձ կը դառնայ», ըսաւ ու աւելցուց, «Մենք բոլորս Դպրեվանքէն անցած ենք իր ամէնէն խեղճ պայմաններուն մէջ, բայց ունեցած ենք խոր գիտակցութիւն, թէ Դպրեվանքին մէջ մենք կը պատրաստուինք սրբազան առաքելութեան մը համար։ Այս խոր գիտակցութիւնը ամէն տեսակ դասապահէ վեր է ու Դպրեվանքին նկարագիր ու իմաստ կու տայ», ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը։

 

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Վեհափառ Հայրապետին «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» քայլերգի երգեցողութեամբ։