Ուրբաթ 22 Փետրուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, դպրեվանեցիներ Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ Մեծ Պահքի հսկումի ժամերգութիւնը կատարեցին:
Ժամերգութեան աւարտին, օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց Դպրեվանքի աւարտական դասարանէն Բրշ. Համբարձում Աւ. Սրկ. Պալըքճեանը, բնաբան ունենալով՝ ՙՄէկ բան խնդրեցի Տիրոջմէն եւ այս է աղաչանքս. Կեանքիս բոլոր օրերուն Տիրոջ տան մէջ բնակիլ, ըմբոշխնել Տիրոջ վայելչութիւնը եւ զինք պաշտել իր տաճարին մէջ՚:
Հսկումի արարողութենէն ետք, դպրեվանեցիներ եկեղեցւոյս հովիւին, թաղականութեան, տիկնանց միութեան եւ դպրաց դասուն հետ համախմբուեցան ընթրիքի սեղանի շուրջ, ուր Դպրեվանքի ՙԱրմաշ՚ երգչախումբն ու Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ ՙՆարեկացի՚ երգչախումբը հոգեւոր եւ ազգային երգերով ու բանաստեղծութիւններով ճոխացուցին երեկոն:
Ընթրիքի աւարտին, Դպրեվանքի ընտանիքին անունով խօսք առաւ, Փոխ-տեսուչ Հոգշ. Տ. Յուսիկ Վրդ. Մարտիրոսեան, որ Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրասիրութեան համար եւ կրկին անգամ շեշտեց, թէ Դպրեվանքը ինչ որ մեր ժողովուրդէն կþառնէ զայն կրկին մեր ժողովուրդին կը վերադարձնէ: