Չորեքշաբթի 6 Փետրուար 2013, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցաւ սաներու խմբակներու նշանակումը:
Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան խօսելէ ետք Դպրեվանքի արտա-դասարանային կեանքը Տեսչութեան եւ Ուսանողութեան գործակցութեամբ ծրագրելու կենսականութեան մասին, ներկայացուց հետեւեալ հինգ խմբակներու անդամները. Ուսանողական Խորհուրդ, Գլաձոր Պաշտօնաթերթի Խմբագրական Կազմ, Տեղեկատուական Խմբակ, ՙՊատի Թերթ՚-ի Խմբակ եւ Ասմունքողներու Խմբակ:
Հինգշաբթի 7 Փետրուարի առաւօտեան, Անթիլիասի մէջ, Սուրբ Պատարագով եւ ոգեկոչման ձեռնարկով պանծացուեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնը: Սաներ մասնակցեցան Սուրբ Պատարագին եւ Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած յատագիրին: ՙԱրմաշ՚ երգչախումբը հանդէս եկաւ խմբերգներով եւ երեք սաներ՝ ասմունքներով:
Մկրտիչ Քիւրիւմեան արտասանեց Վահան Թէքէյեանի ՙՎարդանանց՚-ը, Բրշ. Յովհաննէս Սրկ. Թէփիրճեան՝ Վահան Թէքէյեանի ՙԽորհուրդ Վարդանանց՚ը եւ Բրշ. Սեբաստիա Աւ. Սրկ. Ղարախանեան՝ Ժագ Ս. Յակոբեանի՝ ՙՄենք՚-ը:
Այս առիթով, իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոս, շեշտը դնելով հաւատքի, հայրենիքի եւ հայեցի ինքնութեան հաւատարմութեան վրայ: