21 Նոյեմբերի, 2018

«ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ՉԷ. ԱՆ ԿԸ ՔՆՆԷ ԱՍՏՈՒԱԾ-ՄԱՐԴ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ԽՆԴԻՐՆԵՐ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր Լիբանանի առաջնորդական օրերէն ի վեր, աստուածաբանութիւն կը դասաւանդէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն ներս։ Ամէն Չորեքշաբթի առաւօտ, Նորին Սրբութիւնը, շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ, Դպրեվանքի աւարտական դասարանին նախ տեսական աստուածաբանութիւն եւ ապա հովուական ասուածաբանութիւն կը դասաւանդէ։ Կաղապարուած ու աւանդական մօտեցումներէ հեռու մնալով, Նորին Սրբութիւնը նիւթը կը ներկայացնէ աստուածաբանական ժամանակակից մտածողութեան ծիրին մէջ, իսկ հովուական աստուածաբանութեան բաժինին մէջ Հայրապետը կ՚անդրադառնայ ներկայ ժամանակներուն մտահոգութիւններուն ու երեւոյթներուն եւ իրապաշտ մօտեցումով կը պարզէ հայ հոգեւորականին կոչումը կենսագործելու ճիշդ կերպերը։

Արդարեւ, այս առաւօտ՝ Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2018-ին, դասապահի աւարտին, երբ Հայրապետը Դպրեվանքի շէնքէն կ՚ուղղուէր դէպի ինքնաշարժ, Cilicia TV-ի պատասխանատու միաբան հայրերէն մէկը՝ մօտենալով Նորին Սրբութեան հարց տուաւ.- Վեհափա՛ռ Տէր, գիտենք, որ մեր Դպրեվանքի աւարտական դասարանի սաներուն կ՚ուսուցանէք տեսական եւ հովուական աստուածաբանութիւն եւ նկատի ունենալով, որ այս տղաքը հոգեւորականներ  պիտի դառնան, ընդհանրապէս ի՞նչ նիւթեր կը շօշափէք դասապահի ընթացքին։

Վեհափառ Հայրապետը պատասխանելով հարցումին՝ ըսաւ.- «Աստուածաբանութիւնը տեսական յղացքներու ամբողջութիւն մը չէ, այլ խօսքով փիլիսոփայութիւն չէ. ան բանականութեան ու հաւատքի միացեալ ճիգ մըն է՝ հասկնալու, որքան որ կարելի է, Աստուած-մարդ յարաբերութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր ու երեւոյթներ։ Քրիստոնէական հաւատքին առանցքը աստուածային յայտնութիւնն է. Աստուած ինքզինք յայտնեց մարդուն, ճանաչելի դարձուց մարդուն։ Հետեւաբար, աստուածաբանութիւնը կը փորձէ, բնականաբար յայտնութեան սահմաններուն մէջ, հասկնալ քրիստոնէական հաւատքին ուսուցումները։ Հետեւաբար, աստուածաբանութիւնը մարդէն ու կեանքէն հեռու տեսական հարցեր չի քննարկեր, այլ մարդկային կեանքին հետ անմիջականօրէն աղերս ունեցող խնդիրներ. օրինակ, ո՞վ է մարդը, ի՞նչ է մարդուն կոչումը, ինչո՞ւ Աստուած ինքզինք յայտնեց մարդուն, ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ բարիի ու չարի ներկայութիւնը կեանքին մէջ, ինչո՞ւ կենսոլորտային հարցերը, եւ այսպէս կարելի է մատնանշել խնդիրներ ու երեւոյթներ, որոնք ըստ էութեան աստուածաբանական հարցեր են, Աստուած-մարդ-ստեղծագործութիւն յարաբերութեան կապուած»։

Հարստացուցիչ էր ու վերաթառմացնող Նորին Սրբութեան հետ ունեցած մեր կարճ զրոյցը։

More News