Հ Ա Ղ Ո Ր Դ Ա Գ Ր Ո Ւ Թ Ի Ւ Ն ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ՍԻՍԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ ՊԱՀԱՆՋԸ
Շուրջ երկու ամիսներ առաջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ճամբով, լայն բացատրութիւններ տուած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատին մասին: Սոյն հաղորդագրութեամբ կարեւոր կը նկատենք անհրաժեշտ յստակեցումներ կատարել՝ 28 Ապրիլ 2015-ին Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացուած նոյն դատին էութեան ու նպատակին վերաբերեալ: Արդարեւ,…