ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՌՈՒԹԻՒՆ

Դպրեվանքի 90 ամեակին առիթով, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսին եւ գործակցութեամբ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը կրթական տարեշրջանի սկիզբը ձեռնարկեց շարունակական ուսումնառութեան ծրագրին:

 

Դպրեվանքը աւարտած եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան շարքերուն անցած հոգեւորականներուն համար յատուկ պատրաստուած շարունակական ուսումնառութեան այս ծրագիրը պատրաստեց եւ շաբաթական դրութեամբ փոխանցեց Դպրեվանքի եւ Հայկազեան Համալսարանի ուսուցչուհի՝ Տիկ. Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավէրտեան:

 

Հոգե-ընկերային ընդհանուր վերնագրին տակ, սոյն ծրագիրը Միաբան Հայրերուն աշխուժ մասնակցութեան շնորհիւ ունեցաւ հետաքրքրական զրոյցներ՝ ընկերութիւնը եւ անհատը յուզող բազմաթիւ հարցերու շուրջ, որոնք ինքնաճանաչողութեան եւ կացութիւններ ու բնաւորութիւններ վերլուծելու այժմէական զէնք կը դառնան հոգեւորականներու ձեռքին մէջ:

 

Երկուշաբթի, 6 Յուլիս 2020-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծրագրին վերջին հանդիպումը, որուն աւարտին Տիկ. Շաղիկ իր սրտի խօսքով գնահատեց միաբաններուն մասնակցութիւնը եւ տրուած այս եզակի փորձառութիւնը:

 

Աւարտին, Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան Համալսարանին եւ անոր նախագահ՝ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին, շարունակական ուսումնառութեան կեդրոնի պատասխանատուներուն, Տիկ. Շաղիկին եւ Միաբան հայրերուն, որոնց ներդրումով եւ զօրակցութեամբ իր լրումին հասաւ սոյն ծրագիրը: