Երէկ, 12 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի ուսումնական-կրթական տարեշրջանի սեմին տեղի ունեցող ուսուցչական կազմի ժողովին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։
Ողջունելով ուսուցիչ-ուսուցչուհիները եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնելով անոնց կատարած աշխատանքին՝ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ Դպրեվանքէն ներս անոնց կատարածը էապէ՛ս հոգեմտաւոր առաքելութիւն է։ Դպրեվանքը սովորական դպրոց մը չէ, այլ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայութեան լծուելու համար պատրաստուող մա՛րդն է, հոգեւորական թէ աշխարհական, որ կը կազմաւորուի այս սրբազան յարկին ներքեւ։ Ապա Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով Դպրեվանքի ուսումնական-կրթական ծրագիրին՝ թելադրեց ուսուցիչներուն, որ դասէն ու դասագիրքէն անդին յատուկ կարեւորութիւն ընծայեն հայ մարդու կազմաւորման։ Ան շեշտեց հայերէնագիտական նիւթերուն առաջնահերթութիւն տալու հրամայականը, բնականաբար առանց անտեսելու արաբերէն, անգլերէն ու ֆրանսերէն լեզուներու ուսուցումը։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ հաստատեց, որ Դպրեվանքէն դուրս ելլող շրջանաւարտները, հոգեւորական թէ աշխարհական, մեր կարգադրութեամբ կը յաճախեն համալսարաններ, Լիբանանէն ներս թէ դուրս։ Ան նաեւ թելադրեց անոնց, որ դասաւանդութեան իրենց մօտեցումը գրքունակ չըլլայ, այլ օրուան դասաւանդութեան միախառնեն թէ՛ իրենց անձնական փորձառութենէն եւ թէ ներկայ աշխարհի պայմաններէն բղխող մտահոգութիւններ ու մարտահրաւէրներ։