Դպրեվանեցիներ Ժունիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ

Ուրբաթ 22 Մարտ 2013, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, դպրեվանեցիներ Ժիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ Մեծ Պահքի հսկումի ժամերգութիւնը կատարեցին:  

 

Ժամերգութեան աւարտին« օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց Դպրեվանքի աւարտական դասարանէն՝ Բրշ. Վիգէն Աւ. Սրկ. Քիւրքլեան, բնաբան ունենալով. ՙՀանգստեան այս աղօթքը եւ աղաչանքը ընդունէ՜ մարդասէ՜ր Աստուած, քու բարերար կամքիդ հաճութեամբ եւ մեր մեղքերուն ու բազմաթիւ յանցանքներուն թողութի՜ւն շնորհէ եւ քեզի փա՜ռք յաւիտեան. ամէն՚:  

 

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Դպրեվանքի Տեսչութիւնն ու Ուսանողութիւնը եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն, թաղականութեան եւ տիկնանց միութեան հետ բոլորուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ եւ գեղարուեստական յայտագիրով իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին ջերմ հիւրասիրութեան համար:  

 

Եկեղեցւոյ հոգեւոր դասուն, թաղականութեան եւ յարակաից մարմիններուն անունով խօսք առաւ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Քհնյ. Սարգիսեան, որ ըսաւ. ՙԴպրեվանքէն անցնելով բոլորս ալ ստացած ենք Հայ Եկեղեցւոյ շունչը եւ հայ ոգին, որոնց ժառանգորդները դուք էք այժմ՚:

 

Աւարտին, Դպրեվանքի Տեսչութեան եւ սաներուն անունով շնորհակալութեան խօսք առաւ Դպրեվանքի Փոխ-տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Յուսիկ Վրդ. Մարտիրոսեան: