«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՆՈՒԻՐՈՒՄՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Կիրակի, 22 Օգոստոս 2021-ի երեկոյեան, Դպրեվանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Դպրեվանքի տեսչութեան ժողովին: 2021-2022 կրթական-ուսումնական տարեշրջանի սեմին տեղի ունեցած յիշեալ ժողովի ընթացքին քննարկուեցան Դպրեվանքի կեանքն ու առաքելութիւնը վերանորոգման առաջնորդող շարք մը ծրագիրներ: Այսպէս՝ Դպրեվանքի կրթական ծրագիրի վերանայում, առօրեայ ժամանակացոյցի վերադասաւորում, ուսուցչական կազմի վերարժեւորում եւ Դպրեվանքի կրթական, հոգեւոր, վարչական, յարաբերական ու տնտեսական մարզերուն…