ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՆՈՐԱԿԱԶՄ ՏԻԿՆԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 7 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, գլխաւորութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ` Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանին, ընդունեց Դպրեվանքի նոր նշանակուած Տիկնաց Խորհուրդը։

 

Հայր Սուրբը առաջին հերթին զեկուցեց Վեհափառ Հօր Խորհուրդին կատարած աշխատանքներուն մասին՝ անոր կազմութեան օրէն մինչեւ օրս։ Խորհուրդին առաքելութիւնն է օգտակար հանդիսանալ Դպրեվանքի առաւել բարեզարդման՝ զանազան բնագաւառներու մէջ։

 

Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, բարձր գնահատեց Տիկնաց Խորհուրդին տարած աշխատանքները եւ քաջալերեց անոր կատարած առաքելութիւնը՝ յիշեցնելով, որ Դպրեվանքին նկատմամբ մեր ունեցած հոգածութիւնն ու բծախնդրութիւնը ուղղուած է ո՛չ միայն Դպրեվանքին, այլեւ ամբողջ Սփիւռքին։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը Խորհուրդին փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւններն ու թելադրանքները։

 

Յայտնենք, որ Խորհուրդի անդամներն են Տիկ. Թամար Տէր Պետրոսեան, Տիկ. Մարօ Թազեան, Տիկ. Սիլվա Սիսլեան, Տիկ. Ալին Գէորգեան եւ Տիկ. Սիլվի Ագիլեան։