ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՇԷՆՔԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԸ ՀԱՍԱՒ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ

Շաբաթ, 18 Օգոստոս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ հաստատուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի շէնք եւ իր գնահատանքը յայտնեց տեսուչ հայր սուրբին, ինչպէս նաեւ տեսչական անդամներուն, Դպրեվանքէն ներս կատարուող վերանորոգման աշխատանքներուն նկատմամբ իրենց ցուցաբերած բծախնդրութեան ու նախանձախնդրութեան համար։

Յայտնենք, որ ննջարաններու եւ յարակից սենեակներու վերանորոգութեան աշխատանքներուն իրենց նիւթական օժանդակութեամբ կը մասնակցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան թեմէն՝ Մարտիկ Պուլտուգեան եւ Ռաֆֆի Օհանեան։

Վեհափառ Հայրապետը, այս առիթով, իր գնահատանքը յայտնեց բարերարներուն՝ վերահաստատելով Դպրեվանքին առաքելութեան կարեւորութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին կեանքէն ներս։

Նշենք, որ Դպրեվանքի յառաջիկայ կրթական-ուսումնական տարեշրջանը սկիզբ պիտի առնէ Հոկտեմբեր ամսուն՝ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին։ Անոնք, որոնք կը փափաքին Դպրեվանքի սան դառնալ, պարտին կապ հաստատել Դպրեվանքի հսկիչ հայր սուրբին հետ՝ հեռաձայնելով +961 79 305 838 թիւին։