22-էն 26 Մարտ 2019-ին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի, Լիբանանի եկեղեցիներուն եւ Թեզէի միաբանութեան կազմակերպութեամբ, Լիբանան հիւրընկալեց միջազգային միջ-եկեղեցական երիտասարդական համագումարը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 44 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 1600 երիտասարդներ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ըլլալով միջ-եկեղեցական աշխարհի յառաջատարներէն, իր մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանի, Բերիոյ եւ Թեհրանի թեմէրէն ժամանած երիտասարդներով, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեամբ, Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական բաժանմունքով եւ Դպրեվանքի աւարտական դասարանի սարկաւագներով, ինչպէս նաեւ Առաջնորդարանի «ԱՅՈ» երիտասարդական յանձնախումբով։
Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան սոյն ծրագիրին կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն էր եւ ժողովներուն կը մասնակցէր յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:
Ծրագիրը բաժնուած էր երկու մասի. օրուան առաջին բաժինին մէջ մասնակիցները իրենց հիւրընկալ ընտանիքներէն, ներառեալ եկեղեցասէր հայ ընտանիքներէն, կը ժամանէին իրենց տրամադրուած 20 կեդրոններէն մէկը եւ կը հետեւէին աղօթքի ու խմբային աշխատանքներու ու քննարկումներու, որմէ ետք կ՚ուղղուէին Պէյրութ՝ «Սի-սայտ Արենա»: Յիշեալ կեդրոններուն մաս կը կազմէին նաեւ Անթիլիասի Մայրավանքը եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին։
Գլխաւոր կեդրոնին՝ «Սի-սայտ Արենա»ի մէջ տեղի կ՚ունենար հաւաքական աղօթք, կէսօրուան ու երեկոյեան ժամերուն։ Աղօթքի երգեցողութիւնը տեղի կ՚ունենար միջ-եկեղեցական երգչախումբին կողմէ, որուն մաս կը կազմէին նաեւ Դպրեվանքի սաները, որոնց կատարողութեամբ պաշտամունքի ընթացքին հնչեցին նաեւ հայկական շարականներ ու աղօթքներ:
Կէսօրուան աղօթքէն ետք, երիտասարդները մասնակցեցան իրենց ընտրած 20 աշխատանոցներէն երկուքին: Նշենք, որ հայ եկեղեցին յանձն առած էր երկու աշխատանոց՝ «հայկական աւանդական շարականներ» թեմայով, որուն ներկայ էին աւելի քան 200 մասնակիցներ եւ «հայ պար» թեմայով, որուն ներկայ էին աւելի քան 100 անձեր: Յայտնենք նաեւ, որ աշխատանոցները տեղի ունեցան Ս. Նշան մայր տաճարին մէջ:
Սոյն համագումարին փակումը տեղի ունեցաւ 25 Մարտ 2019-ին, որ կը զուգադիպէր Լիբանանի մէջ պետական տօն հռչակուած քրիստոնեայ-իսլամ Աւետման տօնին, եւ որուն համար միջ-կրօնական պաշտամունք տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ կրօնական պետերու ու բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներու։
Համագումարին վերջին օրը՝ 26 Մարտը, նուիրուած էր զբօսաշրջութեան որուն ընթացքին մասնակիցները այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան: