14 October, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 2023-2024 ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ-ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԱՌԱՋԻՆ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ԺՈՂՈՎԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 2023-2024 ուսումնակրթական տարեմուտի սեմին, նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ ուսուցչական ժողով, Շաբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2023-ին, Դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» սրահին մէջ:

 

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանը, որ անդրադառնալով Դպրեվանքի առաքելութեան՝ ըսաւ, որ մեր ազգի դիմագրաւած տխուր տագնապներուն դիմաց, Դպրեվանքը նախաձախնդիր կերպով կը լծուի վերանորոգ առաքելութեամբ պատրաստելու հոգեւոր եւ ազգային այն մարդը, որ լուծումներ պիտի տայ մեր ազգին ու եկեղեցիին առջեւ դրուած դատին, խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն։

 

Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս, հայրական ու Հայրապետական սիրով ողջունելէ ետք Դպրեվանքի տեսչութիւնն ու ուսուցչական կազմը, շեշտեց Դպրեվանքին հոգեմտաւոր դաստիարակութիւն ջամբելու առաքելութեան կարեւորութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ Դպրեվանքի աշակերտները պէտք է պատրաստուին ժամանակին հետ քայլ պահելով եւ այնպիսի նկարագրով, որով Դպրեվանքը ճանչցուած է մեր ժողովուրդին կողմէ։ «Յատկապէս այս տագնապալից օրերուն, մեր ժողովուրդի զաւակները կը նային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Դպրեվանքը ա՛յս բծախնդրութեամբ պէտք է լծուի հոգեմտաւոր մարդը պատրաստելու սրբազան առաքելութեան» ըսաւ Հայրապետը։

 

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, տեսուչ հայր սուրբին իբրեւ օգնականներ, տեսչութեան մաս կը կազմեն Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեանը, Հոգշ. Տ. Գէորգ Վրդ. Գարակէօզեանը, Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիքեանը եւ Բարշ. Նշան Սրկ. Անտրեանը։