28 October, 2013

Միօրեայ սեմինար Դպրեվանքի մէջ

Շաբաթ 26 Հոկտեմբեր 2013-ին, կազակերպութեամբ Դպրեվանքի Տեսչութեան, «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ միօրեայ սեմինար մը տեղի ունեցաւ, որուն մասնակցեցան Դպրեվանքի բարձրագոյն կարգի ուսանողները։

 

Սեմինարի առաջին նիւթն էր, Social Media-ի կարեւորութիւնը եւ անպատեհութիւնները ընկերային, երիտասարդական եւ մասնագիտական կեանքէն ներս։ Ներկայացման յաջորդեց աշխատանոց (workshop) մը, ուր դպրեվանեցիները ծանօթացան social media-ի տարբերակներուն։ Այս ծիրէն ներս անդրադարձ եղաւ զարգացած նոր ծրագիրի մը՝ micromappers-ի կիրարկման մասին, որ վերջերս գործադրման դրուեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ, աղէտներուն ընթացքին մարդասիրական կազմակերպութիւններուն դիւրութիւն ընծայելու, որպէսզի աւելի արագ եւ ազդու միջոցներով կարենան արժեւորել տեղւոյն կացութիւնը եւ ըստ այնմ համադրելու կիրարկուելիք շտապօգնութիւնը։

 

Օրուան երկրորդ նիւթն էր, Ղեկավարութիւն եւ Վարչական Գործունէութիւն (Leadership and Management)։ Դպրեվանեցիները ծանօթացան յաջող ղեկավարի մը ունակութեան եւ դերակատարութեան ու անոնց ընդմէջէն իրենց առօրեան լաւագոյնս օգտագործելու եւ արդիւնաւորելու միջոցներու մասին։ Ապա, աշխատանոցի մը ընդմէջէն, կրցան վերարժեւորել իրենց ուսանողի անհատական կարողութիւնները եւ ընկերաբարոյական  առաքինութիւնները։

 

Օրուան աւարտին, ուսանողները զրոյցի մը ընթացքին արծարծեցին աշակերտական կեանքի եւ առօրեայի հետ կապուած զանազան ժամանակակից հարցեր։ Ապա, շնորհակալութիւն յայտնեցին Տիկին Տանիա Օհանեանին, որ Տեսչութեան հրաւէրով յանձն առած էր օրուան նիւթերուն ներկայացումները։

 

Դպրեվանքի Տեսչութիւնը, սոյն ուսումնական-կրթական տարեշրջանի ընթացքին նախատեսած է կազմակերպել այժմէական բնոյթ ունեցող նմանատիպ սեմինարներ եւ աշխատանոցներ։

 

More News