Կիրակի 17 Փետրուար 2013, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՙՅակոբ Տէր Մելքոնեան՚ հանդիսասրահին մէջ, Դպրեվանքի սաներ ներկայ գտնուեցան ՙՀամազգային՚-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած հայրենի երգչուհի Ֆլորա Մարտիրոսեանի յիշատակին ձօնուած հանդիսութեան:
Անոնք նախ տեսաերիզով ծանօթանացան արուեստագիտուհիի կեանքին ու վաստակին, ապա լիբանանահայ երգիչ-երգչուհիներու կողմէ Ֆլորա Մարտիրոսեանի երգերու կատարումը ունկնդրեցին:
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիսութեան ընթացքին դպրեվանեցիներ իրենց երաժշտական ճաշակին գոհացում տուին եւ ապա հայ երաժշտութեամբ հարստացած Դպրեվանք վերադարձան: