Կիրակի, 14 Յունիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին բարձր տնօրինումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց դասարաններու աշակերտները, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ սպասաւորութեան խոնարհ աստիճանները ստացան։
Դպրեվանքի տեսչութիւնը Կիսասարկաւագական ձեռնադրութեան արժանացուց Դ. Ժառանգաւորացի Չորս սաները՝ Ճորճ Աբրահամեան, Մուշեղ Գարակէօզեան, Շահէ Եագուպեան, Սարգիս Սարգիսեան եւ քահանայից պատրաստութեան դասարանի ուսանող՝ Բաբգէն Զէնեան, ինչպէս նաեւ Դպրութեան՝ Ժառանգաւորացի կարգէն Քսան սաներ՝ Ճորճ Աբրահամեան, Գառնիկ Դաւիթեան, Ժոզէֆ Գապրեան, Սասուն Գէորգեան, Կարապետ Էօրտէքեան, Գէորգ Թէնէքէճեան, Հայրապետ Հայրապետեան, Հենրիկ Մալխասեան, Կարապետ Պալեան, Աբրահամ Տէկիրմէնճեան, Նշան Անտրեան, Յարութիւն Ապուտեան, Սթիւ Գապրեան, Ճորճ Գասապեան, Մարկոս Կարմիրեան, Աբրահամ Կիւլոյեան, Վահէ Մելքոնեան, Գէորգ Յակոբեան, Գրիգոր Սահակեան եւ Ժոզէֆ Շէմիկեան։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Աբղ. Շէրնէզեան։ «Հայր Մեր»էն անմիջապէս առաջ, խարտաւիլակ Հայր Սուրբը՝ Հոգշ. Տ. Գարեգին Աբղ. Շխրտըմեան, ընծայալները առաջնորդեց խորանին առջեւ, ուր ձեռնադրիչ Սրբազանը՝ Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան, նախ կատարելով դպիրներու ձեռնադրութիւնը, անոնց շնորհեց Հայ Եկեղեցւոյ խոնարհ կարգերու առաջին չորս աստիճանները՝ դռնապանութիւն, ջահընկալութիւն, երդմնեցուցչութիւն եւ ընթերցողութիւն։ Ապա, շարունակելով ձեռնադրութեան արարողութիւնը, Սրբազան Հայրը Կիսասարկաւագութեան աստիճան շնորհեց Հինգ ընծայեալներուն, Քրիստոսի լուծը խորհրդանշող սուրբ եւ մաքուր ուրարները անոնց ուսերուն վրայ զետեղելով։ Ընթերցուած աղօթքներուն ընդմէջէն, Սրբազանը յորդորեց անոնց, որպէսզի հաւատարիմ մնան իրենց պաշտօնին եւ անարատութեամբ ու կատարեալ բծախնդրութեամբ կատարեն զայն։
Ձեռնադրութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը խօսելով ծառայութեան էութեան մասին, ըսաւ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր նպատակն ու վախճանը ծառայութեան գաղափարին մէջ կը տեսնէ. որովհետեւ անիկա է մեզ կենսաւորող ու մեզ բարձրացնող խոնարհ արարքը, որուն նախատիպարը մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հաստատիչը՝ Քրիստոս Ինքն է»։ Ապա, իր խօսքը ուղղելով ձեռնադրեալներուն, ըսաւ. «Այսօր, դուք մեր եկեղեցւոյ ամէնէն համեստ կարգերը ստացաք, որովհետեւ ծառայութիւնը այդտեղէն է որ կը սկսի՝ ամենափոքրէն կամաց-կամաց բարձրանալով ամենամեծին։ Այսօր, դուք ձեր անդրանիկ ուխտը կատարեցիք ծառայել Աստուծոյ, ծառայել Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր ընդմէջէն հայ ժողովուրդին։ Հայ Եկեղեցւոյ ծառայելը ո՛չ միայն մեր պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ, այլ նաեւ՝ պարտաւորութիւնը. Հայ Եկեղեցւոյ ծառայութիւնը ո՛չ միայն մեր պարտքը պէտք է ըլլայ, այլ նաեւ՝ պատիւը։ Հետեւաբար, այս գիտակցութեամբ պէտք է շարունակէ՛ք թրծուիլ, որպէսզի ապագային, մեր ժողովուրդի անդաստանէն ներս ձեր կատարած ծառայութիւնը ըլլայ կատարեալ եւ անշահախնդիր»։
Իր խօսքի աւարտին, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրեպետը, Դպրեվանքի տեսչութիւնը եւ ձեռնադրեալներուն ծնողները, վստահեցնելով որ նորոգ ձեռնադրեալները ապագայի կերտողներն ու նոր յոյսի տարածիչները պիտի դառնան Հայ Եկեղեցւոյ ու Հայ Ազգի սպասաւորութեան սրբազան առաքելութեան մէջ։