Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի Ազգային Գրադարանի տնօրէնը
Ուրբաթ 22 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայաստանի Ազգ. Գրադաանի Տնօրէն Տիար Տիգրան Զարգարեանը՝ ընկերակցութեամբ Կաթողիկոսարան մատենադարանի Տնօրէն Գերշ. Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեանի եւ Հայակազեան Համալսարանի Սփիւռքագիտութեան Բաժանմունքի Վարիչ Տիար Անդրանիկ Տաքէսեանի: Պրն. Զարգարեան զեկուցեց Վեհափառ Հայրապետին Հայաստանի Ազգ. Գրադարանէն ներս կատարուած աշխատանքներուն ինչպէս նաեւ նոր ծրագիրներուն մասին: Ան իր…