8 May, 2013

Հայկական ինքնութիւն’ դասախօսութիւն դպրեվանքի մէջ

Չորեքշաբթի, 8 Մայիս 2013-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի մէջ, տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը, որուն նիւթն էր ՙՀայկական ինքնութիւն՚: Օրուան դասախօսն էր Դպրեվանքի նախկին սաներէնª Դրօ Կիս. Սրկ. Ծատուրեան: 

 

Բացման խօսքով դասախօսը ներկայացուց Բարշ. Գաբրիէլ Սրկ. Եղիայեանը:  

 

Ապա, դասախօսը Դպրեվանքին հանդէպ իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց եւ իր նիւթը փոխանցեց: Ան անդրադարձաւ ազգ եւ եկեղեցի, կրօն եւ մշակոյթ, հայրենիք եւ սփիւռք փոխյարաբերութիւններուն ու լուսարձակի տակ բերաւ դարերու ընթացքին Հայ Եկեղեցւոյ դերըª հայ մշակոյթի եւ հայապահպանման նուիրական գործին մէջ:  

 

Երեկոն եզրափակեց Դպրեվանքի Տեսուչ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալէեմէզեանը, որ իր հովուական տարիներէն քաղուած մի քանի դէպքերով սաները յորդորեց իրենց արմատներուն կառչած մնալ եւ աւանդութեան ու արդիականութեան միջեւ հաւասարակշռուած ծառայական կեանքին պատրաստուիլ:

 

Երեկոն աւարտեցաւ հաւաքական գիշերային աղօթքով:

More News