5 December, 2013

Լուրեր Դպրեվանքէն

Նախաձեռնութեամբ Դպրեվանքի Տեսչութեան եւ կազմակերպութեամբ Դպրեվանքի Ուսանողական Խորհուրդին, Շաբաթ 30 Նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի ՙԲրաբիոն Տումանեան՚ հանդիսասրահէն ներս, դասախօսական հանդիսութեան ճամբով, Հայաստան աշխարի առաջին լուսաւորիչներուն՝ Սուրբ Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներուն յիշատակի տօնը նշուեցաւ։

Չորորդ Ժառանգաւորացի սաները, Աւետարանի ընթերցանութեամբ, դասախօսութիւններու, շարականի երգեցողութեամբ եւ աղօթքներու ճամբով, վերաթարմացուցին Ս. Առաքեալներուն յիշատակը։

More News