Երեքշաբթի 21 Մայիս 2013, յետ միջօրէի ժամը 3.30-ին, Դպրեվանք այցելեցին Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան (Փոխ-տնօրէն Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Ինսթիթիւտի) եւ Տիար Վաղինակ Յովհաննիսեան (Վարչութեան Պետ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան Տեղեկատուութեան եւ Հաղորդակցութեան):
Հիւրերը ընդունուեցան Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի, Տեսչութեան անդամներուն եւ ուսուցիչներուն կողմէ:
Այս այցելութիւնը օգտաշատ առիթ եղաւ Երեւանի Պետական Համալսարանի եւ Դպրեվանքի կրթական համակարգերուն մասին զրուցելու ու Հայաստան-Սփիւռք կապերը առաւել ամրապնդելու: