5 Մայիսի, 2013

Համշէնահայութեան մասին դասախօսութիւն Դպրեվանքին մէջ

Շաբաթ 5 Մայիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայկազ Ալվերցեան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք եւ ՙԱնոնք ալ հայ են՚ թեմային շուրջ, խօսեցաւ համշէնահայութեան մասին:           

 

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Բրշ. Յովհաննէս Սրկ. Թէփիրճեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց դասախօսը:        

                           

Յայտագիրի առաջին բաժինով, դպրեվանեցիներ տեսաերիզով ծանօթացան համշէնահայութեան աւանդութիւններուն եւ բարքերուն: Տեսաերիզը ընդհանուր կերպով կը պատկերացնէր ՙիսլամացած՚ հայերու մշակոյթն ու հայկական արմատներուն կապուածութիւնը:   

        

Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ դասախօսը, որ առաւելաբար համշէնահայութեան հոգեւոր ծարաւին մասին խօսեցաւ, ըսելով. ՙԴուք հոգեւորականներդ էք, որ պիտի օգնէք եւ դարման գտնէք համշէնահայերու հոգեւոր ծարաւին յագեցման. անոնք թէեւ արտաքնապէս “իսլամացած” են, սակայն հոգեպէս քրիստոնեայ կը մնան՚:           

 

Փակման խօսքը կատարեց Դպրեվանքի հսկիչներէն՝ Հոգշ. Տ. Գարեգին Աբղ. Շխրտըմեան, որ տեսչութեան եւ սաներուն անունով իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց դասախօսին եւ դպրեվանեցիները հրաւիրեց որպէսզի հայաբար ապրին իրենց ապրած միջավայրերուն մէջ:

 

More News